2015-11-28 09:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատարագը Ուկնատայի մէջ` ''Դուք պիտի ըլլաք իմ վկաներս''


(Ռատիօ Վատիկան)  Ուրբաթ 27 նոյեմբերի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ առնելով Քենիայէն մեկնեցաւ Ափրիկեան  ցամաքամաս կատարած առաքելական այցելութեան երկրորդ հանգրուան` Ուկանտա ուր ժամանեց 1 ժամ տեւող օդանաւային ճամբորդութենէն ետք եւ ուր ունեցաւ պաշտօնական առաջին հանդիպումները Ուկնատայի Նախագահին ու պատկան իշխանութիւններուն հետ մինչ երեկոյեան Մունիոնյօ սրբավայրի տարածքին հանդիպում ունեցաւ Ուկանտացի կրօնուսոյցներուն հետ։

Շաբաթ  28 նոյեմբերի առաւօտեան` Սրբազան Քահանայապետին Ուկնատայի այցելութեան յայտագիրը սկիզբ առաւ Նորին Սրբութեան Նամուկոնկոյի` Անկլիքան նահատակներու սրբավայրին ապա  կաթողիկէ նահատակներու սրբավայրին տուած այցելութիւններով հուսկ այս վերջինիս տարածքին բացօթեայ սուրբ պատարագի մատուցումով։

Կաթողիկէ ազգային սրբավայրին մէջ մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը նախ  յիշեց, թէ ինչպէս Առաքեալներու ժամանակաշրջանէն մինչեւ մեր օրերը, Եկեղեցին իր ճանապարհին վրայ ունեցած է վկաներու մեծ թիւ մը, որոնք ճանչցած են Յիսուսը եւ սիրած են զայն՝ ցոյց տալով Սուրբ Հոգիի զօրութիւնը։
Մենք ալ կոչուած ենք խորացնելու Սուրբ Հոգւոյն ներկայութիւնը՝ մեր կարգին ըլլալու իմաստութեան եւ զօրութեան աղբիւր՝ ուրիշներուն համար։ ''Սուրբ Հոգւոյն պարգեւը կը ստանանք՝ զայն բաժնեկցելու համար ուրիշներուն հետ'', ըսաւ Սրբազան Պապը  յիշեցնելով՝ թէ ինչպէս Ուկանտացի Մարտիրոսները այս պարգեւը փոխանցեցին նոյնիսկ վտանգաւոր ժամանակներու մէջ։ Անոնք մշակած էին երիտասարդներու հաւատքը եւ աճեցուցած էին սէրը՝ Աստուծոյ հանդէպ, ուրիշներուն անվախօրէն վկայելու Յիսուսը՝ մինչեւ իսկ կեանքի գնով։ Անոնց օրինակը կը շարունակէ ըլլալ ներշնչումի աղբիւր բազմաթիւ անձերու։
Քրիստոս նաեւ մեզ կը կոչէ ըլլալու աշակերտներ՝ առաքելական հոգիով։ Մեր ընտանիքներուն եւ բարեկամներուն համար, սակայն նաեւ անոնց համար, որոնք չենք ճանչնար, յատկապէս անոնց համար, որոնք կրնան նուազ բարեացակամ եւ նոյնիսկ թշնամական ըլլալ մեզի հանդէպ։
Փորձութեան ժամանակ, որպէս Աստուծոյ ընտանիքին անդամներ, պէտք է իրարու նեցուկ կանգնինք, իրար պաշտպանենք, եւ իրար առաջնորդենք կեանքի լրումին։ Ուրիշներուն հանդէպ ցուցաբերուած այս բաց հոգին կը սկսի ընտանիքին մէջ, տան մէջ, յարեց Նորին Սրբութիւնը ու ընդգծեց թէ ''ըլլալ աշակերտ՝ առաքելական հոգիով, կը նշանակէ կոչուած ըլլալ դէպի ուրիշները ընթանալու եւ տանելու Աւետարանը բոլորին, հասնիլ կարիքաւորներուն եւ ուրիշներուն հետ միասին համագործակցիլ ի սպաս հասարակաց բարիքին եւ աւելի արդար ընկերութեան մը կառուցումին որ կը զարգացնէ մարդկային արժանապատուութիւնը առանց եւ ոչ մէկը զանց ընելու, եւ պաշտպանելու կեանքը որ է Աստուծոյ պարգեւ  ինչպէս նաեւ բնութիւնը արարչութիւնը եւ մեր հասարակաց տունը։
Սրբազան Պապը փակեց իր խօսքը ըսելով՝ «Մարտիրոսներու յիշատակը սոսկ դիպուածային բան մը չէ. պէտք է անոնց վկայութիւնը տանինք մեր տուները, մեր մօտիկներուն, մեր աշխատավայրը եւ քաղաքային ընկերութեան։»

Թող Ուկանտայի մարտիրոսները, Մարիամի` Եկեղեցւոյ Մօր հետ միասին, բարեխօսեն մեզի համար որպէսզի Սուրբ Հոգին մեր մէջ վառէ Աստուածային սէրը։

''Օմուքամա Ապաուէ Ոմուքիսա` Աստուած ձեր օրհնէ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.